Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Հարսնաքար համալիրին մէջ, նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի ախոյեան` Ալաշկերտի պարգեւատրման արարողութիւնը:
Խումբին յանձնուեցան Հայաստանի ախոյեանութեան տիտղոսը եւ ոսկի մետալները:
Տիտղոսը յանձնողը եղաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի առաջին փոխնախագահ Արմէն Մինասեան:
Այս հանդիսութեան ընթացքին, Ալաշկերտ ֆութպոլի ակումբին նախագահ, գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանին նուիրեց «Ճիփ» ինքնաշարժ մը, մինչ ֆութպոլիստները ստացան նիւթական պարգեւներ:
Նշենք, որ այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով իր պատմութեան 4,5 տարուան ընթացքին, Ալաշկերտ հանդիսացաւ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեան:
Անիկա, 28 մրցումներու ընթացքին ապահովեց 55 կէտ: