
Երէկ` կիրակի, 10 յուլիսին, «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), տեղի ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, իր կատարած վերջին մրցումին 50-45 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, գրաւեց վերջնական դասաւորման երրորդ դիրքը, ապահովելով ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իր տոմսը, ուր կը ճակատի Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ, որ հանդիսացաւ երկրորդ:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, արձանագրեց 5 յաղթանակ եւ կրեց 2 պարտութիւն:
Նշենք, որ երեք մրցումներէն երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականին իր տոմսը:
Ինչ կը վերաբերի երէկ Հուփսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիկները լաւապէս գործադրեցին իրենց մարզիչին` Ժաք Նալպանտեանի ցուցմունքները, մանաւանդ կազմի մը դէմ, որ լաւապէս պատրաստուած էր ախոյեանութեան: