Երէկ` կիրակի, 10 յուլիսին, աւարտեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտականի մրցումը, 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյի եւ քանատացի Միլոշ Ռաոնիչի (6-րդ) միջեւ:
Միւրէյ, որ առաջին անգամ ըլլալով, 2013-ին տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին, երկրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս տիտղոսը, երբ 6-4, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտականի ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 9 յուլիսին, անիկա աւարտեցաւ թիւ 1 դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիամզի յաղթանակով, որ 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց 4-րդ դասուած գերմանացի Անճելիք Քերպըրի:
Սերենայի արձանագրած այս յաղթանակը նկատուեցաւ բաւական կարեւոր, նկատի ունենալով որ ան հաւասարեցաւ Շթեֆի Կրաֆի հաստատած աշխարհի մրցանիշին, որ 22 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած է: