«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող եւ նախապէս ամէնէն աւելի արժէքաւոր մարզիկի տիտղոսին տիրացած` Քեւին Տիւրընթ, իր կազմը` Օքլահոմա Սիթին լքելով, կը միանայ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի:
27 տարեկան յառաջապահը, իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Ուորիըրզը պիտի ըլլայ իր կեանքին նոր հանգրուանը:
Ուորիըրզի միանալով, ան իրեն խմբակից պիտի ունենայ Սթեֆըն Քարին, որ 2015-ին հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան, իսկ 2016-ին` փոխախոյեան:
Նշենք, որ նախքան Ուորիըրզի միանալը, Տիւրընթ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը ակումբներու հետ, որմէ ետք տուաւ իր որոշումը: