Ուիմպըլտընի կրան-շլեմի միջազգային թենիսի բաց մրցաշարքին աղջկանց կիսաւարտականի ճակատումներէն ետք, յստակացան աւարտականին հասնող մարզիկները:
Աղջկանց աւարտականի ճակատումը, կրնար ըլլալ Ուիլիըմզ քոյրերուն միջեւ, սակայն 4-րդ դասուած գերմանացի Անճելիք Քերպըր արգելք հանդիսացաւ` նկատի ունենալով, որ ան 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց 8-րդ դասուած ամերիկացի իր մրցակիցին` Վինըս Ուիլիըմզին:
Աւարտականին, պայքարը պիտի ըլլայ սուր, անոր եւ թիւ 1 դասուած Սերենային միջեւ:
Վերջինը, 6-2 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց ռուս Էլենա Վեսնինայի:
Քերպըր, այս պայքարին մէջ յատուկ նպատակ մը ունի իրագործելիք` ան կ՛ուզէ դառնալ առաջին գերմանացին` Շթեֆի Կրաֆէն ետք, որ 20 տարի ետք, կը բարձրացնէ այս մրցաշարքին տիտղոսը:
Իր կարգին, Սերենա կ՛ուզէ մրցանիշ մը հաստատել եւ կոտրել նոյնինքն Կրաֆի մրցանիշը, տիրանալով իր 22-րդ կրան շլեմի տիտղոսին: