Ամիս մը տեւած Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, վաղը` կիրակի կը հասնի իր աւարտին, մրցաշարքը հիւրընկալող երկրին` Ֆրանսայի եւ Փորթուգալի միջեւ:
Կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, որ իրարու դէմ հանեց Փորթուգալը եւ Կալեսը, Եւրոպայի փոքր Պրազիլը նկատուող Փորթուգալ, աւելի քան 55 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, փոխանցում մը ստանալով Ռաֆայէլ Կէօրէյրոյէն, 50-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը:
Այդ նշանակուած կոլէն երեք վայրկեան ետք, Նանի արդիւնքը վերածեց 2-0-ի, երբ փոխանցում մը ստացաւ նոյնինքն Ռոնալտոյէն:
Մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր` Եոնաս Էրիքսըն (Շուէտ):
Հասնելով աւարտականին, այժմ Փորթուգալ, իր դէմ պիտի ունենայ հիւրընկալ երկիրը` Ֆրանսան, որ տպաւորիչ ներկայացում մը ունենալով, նոյն արդիւնքով յաղթեց Գերմանիոյ:

Մարսէյի Վելոտրոմ դաշտին մէջ, 64 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Անթուան Կրիզման կերտեց իր կազմին յաղթանակը, նշանակելով երկու կոլ (45-րդ եւ 72-րդ):
Այսպիսով, Կրիզման, որ մաս կը կազմէ սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտի, դարձաւ երկրորդ ֆութպոլիստը` Միշել Փլաթինիէն ետք (9 կոլ` Եուրօ-1984-ին), որ կը դառնայ 6 եւ աւելի կոլի հեղինակ Եւրոպայի միեւնոյն ախոյեանութեան ընթացքին:
Նշենք, որ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին 5-ական կոլ նշանակած են` Մարքօ Վան Պասթըն (Եուրօ-1988), Էլըն Շիրըր (Եուրօ-1996), Փաթրիք Քլուիվերթ, Սաւօ Միլոշեւիչ (Եուրօ-2000) եւ Միլան Պարոշ (Եուրօ-2004):
Ֆրանսա – Գերմանիա մրցումին իրաւարարն էր` իտալացի Նիքոլա Ռիցոլի:
Այսպիսով, այս ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի, կիրակի, 10 յուլիսին, երբ Պէյրութի ժամանակացոյցով, ժամը 22:00-ին, Սթատ տը Ֆրանսի մարզադաշտին մէջ տեղի ունենայ Ֆրանսա – Փորթուգալ աւարտականի ճակատումը:

Օրուան գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ, անգլիացի 41 տարեկան Մարք Կլաթենպըրկ:


