Լիբանանի պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականին միայն քայլ մը մնաց` ապահովելու համար աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքին մասնակցելու իր տոմսը:
Թեհրանի մէջ այժմ տեղի ունեցող Ասիոյ ախոյեանութեան մրցումներու ծիրին մէջ, Լիբանան 98-67 արդիւնքով յաղթելով Հնդկաստանի, հասաւ կիսաւարտական հանգրուան, ուր պիտի մրցի Ճափոնի դէմ: