
Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի ակումբներու ախոյեանութեան մրցումներու ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-Անսար վճռորոշ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 28 յուլիսին: Անսար կը գրաւէ առաջին դիրքը, իսկ ՀՄԸՄ` երկրորդ:
Ուրբաթ, 22 յուլիսին սկսած ախոյեանութեան մրցաշարքին կը մասնակցին 10 խումբեր. Անսար, ՀՄԸՄ, Անդրանիկ, Սովիեթ, լիբանանեան բանակ, Ռիատի, Անիմէյշըն, Թանմիա, Ֆրերներ եւ Սայտայի Ահլին:
Անսարի կազմին մէջն են Լիբանանի ճատրակի ազգային հաւաքականի անդամները, իսկ ՀՄԸՄ-ի միացած են Հայաստանէն ճատրակի մեծ վարպետ (Ճի. Էմ.) Աւետիք Գրիգորեան եւ Սլովաքիայէն ճատրակի միջազգային վարպետ (Այ. Էմ.) Քրիսթոֆըր Ռեփքա:
ՀՄԸՄ ցարդ անպարտելի մնացած է` յաղթելով Անդրանիկի (5-1), լիբանանեան բանակին (4-2), Ֆրերներուն (4-2), Ռիատիի (5-1), եւ հաւասարութիւն մը արձանագրելով Թանմիայի հետ(3-3):


