
Աշխարհի թիւ մէկ դասուած Նովաք Ճոքովիչ յայտարարեց, որ կը մասնակցի Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն, հակառակ զիքա վարակի վտանգին:
«Կը կարծեմ, որ կիրարկած եմ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները: Մեծ ծաւալի տեղեկութիւն ստացած եմ, դրութիւնը սարսափելի չէ, որուն պատճառով որոշած եմ մեկնիլ Ռիօ: Անշուշտ, միշտ ալ կայ վտանգ վարակուելու, սակայն կը կարծեմ, որ այս վիճակին մէջ արհեստական աղմուկ կը բարձրացուի», ըսաւ Նովաք Ճոքովիչ:
Ռիօ-216-ին մասնակցելէ հրաժարած են Միլոշ Ռաոնիչ, Թոմաս Պերտիխ, Տոմինիք Թիմ, Ճոն Իզներ, Սիմոնա Հալեփ, Քարոլինա Փլիշքովա:


