Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ Շուէտի մէջ թրքական Կալաթասարայի հետ բարեկամական մրցումը աւարտեց 5-2 արդիւնքով, երբ Ա. կիսախաղը 2-1 արդիւնքով ի նպաստ թրքական կազմին աւարտած էր: 4-րդ վայրկեանին իսկ մկրատային գեղեցիկ հարուածով խաղին կոլերու հաշիւը բացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի տարազով առաջին անգամ մրցումի ներկայացած շուէտ հսկան` Զլաթան Իպրահիմովիչ: Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան միայն առաջին կիսախաղին մասնակցեցաւ մրցումին: Մխիթարեանը եւ Իպրահիմովիչը երկրորդ կիսախաղին փոխարինեցին Մայքըլ Քարիք եւ Մարքոս Ռաշֆորտ: Երկրորդ կիսախաղին Ուէյն Ռունի նշանակեց երկու կոլ (երկրորդը` փենալթի), իսկ Մարուան Ֆելայինի եւ Խուան Մաթա շարունակեցին կոլերու փառատօնը:
– Փարիզ Սեն Ժերմեն Լոս Անճելըսի «Սթապ Հապ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Միջազգային ախոյեանութեան բաժակի բարեկամական մրցաշարքի ծիրին մէջ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Անգլիոյ ախոյեան Լայսթըր Սիթիի: Իսկ Պայերն Միւնիխ 4-1 արդիւնքով տապալեց Ինթեր Միլանը: