Անգլիական մարզական աղբիւր մը կը տեղեկացնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ այս ամրան կը վաճառէ կամ վարձակալութեամբ այլ խումբեր կ՛ուղարկէ 9 ֆութպոլիստներ: Խօսքը Պասթիան Շուայնշթայկըրի, Ատնան Ժանուզայի, Ուիլ Քինի, Թայլըր Պլեքեթի, Փետի Մաքնէյրի, Ճէյմս Ուիլսընի, Անտրէաս Փերէյրայի, Թիմոթի Ֆոսու-Մենսայի եւ Քամերոն Պորթուիք-Ճեքսընի մասին է: Ֆութպոլիստները վերջերս կը մարզուին Մանչեսթըր Եունայթըտի երիտասարդական խումբին մէջ: Այսօր Շուէտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Մանչեսթըր Եունայթըտ-Կալաթասարայ ֆութպոլի բարեկամական մրցումը:
Իսկ «Ֆութպոլ-իտալիա.նեթ» կայքը կը նշէ, որ Եուվենթուսի միջնապահ Փոլ Փոկպան շուտով Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի տեղափոխուի: Ըստ կայքին տուեալներուն, անգլիական ակումբը պայմանաւորուած է ֆութպոլիստի գործակալ Մինօ Ռայոլայի հետ, որ գործարքէն 20 միլիոն եւրօ ստանայ: Երկու ակումբները պայմանաւորուած էին Փոկպայի փոխանցումին գինին շուրջ` 110 միլիոն եւրոյով:
Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» թերթին կայքը իր կարգին կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգին մէջ արձակուրդը անցընող Փոլ Փոկպա Մանչեսթըր Եունայթըտի համար Լոս Անճելըսի մէջ պիտի ենթարկուի փոխանցումներու համար պարտադիր բժշկական քննութեան: Ան անգլիացիներուն հետ պիտի ստորագրէ 5 տարուան պայմանագիր, ըստ որուն, շաբաթական պիտի ստանայ 354 հազար եւրօ:
Փոլ Փոկպա Մանչեսթըր Եունայթըտէն հեռացած է 2012 թուականին` 19 տարեկանին: Անոր փոխանցումին համար Եուվենթուս վճարած էր… 1 միլիոն եւրօ: