Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ շարք մը օրէնքներ ի զօրու պիտի ըլլան, երբ նոր եղանակը սկսի 13 օգոստոսին:
Ֆութպոլի միջազգային խորհուրդը (ԻՖԱՊ) յայտարարեց, որ 18 ամսուան խորհրդակցութիւններէ ետք, անցեալ եղանակի օրէնքներէն աւելի քան 95-ը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած են, եւ թէ անոնցմէ շատեր փորձարկուած են Եւրօ 2016-ին:
Ստորեւ ամէնէն յատկանշականները.
1.- Մրցումը Սկսելու Առաջին Հարուած
Ինչպէս Եւրօ 2016-ին տեսնուեցաւ, մրցումը սկսելու պահուն գնդակը այլեւս դէպի առջեւ պարտադիր չէ հարուածել: Նախորդ օրէնքը կը նշէր, որ խաղը սկսելու ատեն գնդակը պէտք է երթայ մրցակիցին կիսադաշտը, բայց ատիկա փոխուեցաւ` արտօնելով գնդակին շարժումը որեւէ ուղղութեամբ, այնքան ատեն, որ «յստակօրէն կը շարժի»: Այս փոփոխութիւնը ճամբան հարթեց մէկ մարզիկով մրցումին առաջին հարուածը տալու, ինչպէս Եւրօ 2016-ին ատեն տեսանք:
2.- Նախքան Մրցումը Կարմիր Քարտեր
Իրաւարարները կրնան մարզիկի մը կարմիր քարտ տալ նախքան մրցումը սկսիլը: Այս ձեւով իրաւարարները կրնան պատժել այն մարզիկները, որոնք մրցումի պատրաստութեան մարզումներուն ատեն, կամ միջանցքներուն մէջ շատ կոպիտ վերաբերմունք կ՛ունենան մրցակիցներուն դէմ: Նոր օրէնքը կը նշէ, որ իրաւարարը որեւէ պահու, մրցումէն առաջ եւ անմիջապէս ետք, կրնայ վտարել մարզիկ մը:
3.- «Եռակի Պատիժ»-ի Օրէնքի Վերացում
Նախորդ «եռակի պատիժ»-ի օրէնքով` մարզիկ մը, որ օրէնքի խախտումով արգելք եղած էր կոլ նշանակուելուն, կը վտարուէր դաշտէն, կը կախակայուէր եւ մրցակիցը փենալթիի իրաւունք կը ստանար: Այժմ օրէնքը փոխուած է. մարզիկ մը, որ քառակուսիին մէջ ակամայ ֆաուլ մը կ՛ընէ` արգելք հանդիսանալով կոլ նշանակուելուն, ինքնաբերաբար չի վտարուիր դաշտէն (կարմիր քարտ), այլ միայն կ՛ազդարարուի (դեղին քարտ): Թէեւ, երբ խախտումը ձեռքով գնդակին դպնալ է (հենտ պոլ), կամ դիտումնաւոր կոշտ միջամտութիւն, մարզիկը պիտի վտարուի:
4.- Վիրաւորուողները Խնամել
Մրցումին ընթացքին վիրաւորուող մարզիկը ուղղակի դաշտին վրայ կարելի է խնամել, առանց պարտադիր դուրս բերելու: Որովհետեւ արդար չէ վիրաւորը դուրս բերել, եւ մրցակիցը թուային առաւելութիւն ունենայ, երբ վիրաւորը դաշտէն դուրս կը գտնուի:
5.- Կօշիկներ Փոխել
Մարզիկ մը, երբ կարճ ժամանակով դաշտը կը լքէ կօշիկ կամ տարազ փոխելու համար, չորրորդ կամ օգնական իրաւարարին կողմէ ստուգուելէ ետք կրնայ անոր արտօնութեամբ դաշտ վերադառնալ: Նախապէս վերադառնալու արտօնութիւնը կու տար միայն կեդրոնի իրաւարարը:
6.- Փենալթիներ
Գնդակը հարուածելէ անմիջապէս առաջ երկվայրկեան մը կանգ առնելը արտօնուած չէ: Մարզիկը պէտք է յառաջանայ եւ անմիջապէս հարուածէ գնդակը: Հակառակ պարագային դեղին քարտ կը ստանայ եւ մրցակից կազմը անուղղակի հարուածի իրաւունք կ՛ունենայ:
7.- Փոխարինողներու, Պատասխանատուներու, Օրինազանցութիւններ
Հետզհետէ աճող խախտումներուն առաջքը առնելու նպատակով, ըստ օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութեան, եթէ մրցումը կանգ առնէ, խումբի մը պատասխանատուներուն կամ պահեստի մարզիկներուն օրինազանցութիւններուն պատճառով, իրաւարարը այժմ իրաւասու է ազատ հարուած կամ փենալթի շնորհելու մրցակից խումբին:
8.- Ներքնազգեստներու Գոյնը
Նոր օրէնքները կը հաստատեն, որ ներքնազգեստները պէտք է տարազին գոյնը ունենան:
9.- Օֆսայտ
Երկու փոքր յստակացում կատարուեցաւ օֆսայտի օրէնքին: Օրէնքը այժմ կը հաստատէ, որ դաշտի կեդրոնական գիծը չէզոք է: Ասիկա կը նշանակէ, որ մարզիկի մը մարմինին մէկ մասը (բացի թեւերէն եւ ձեռքերէն), պէտք է մրցակիցին կիսադաշտին մէջ ըլլայ, որպէսզի մարզիկը օֆսայտ նկատուի:
10.- Ձեռքերով Խախտումներ (Հենտպոլ)
Հենտպոլի համար այժմ դեղին քարտ կը տրուի, երբ արգելք հանդիսանայ խոստմնալից յարձակումի մը:
11.- Վերսկսումներ
«Յստակօրէն շարժիլ» բառերը աւելցուած են օրէնքին, խաղը սկսելու կամ վերսկսելու պահուն գնդակին առաջին հարուածը տալու ատեն` նկատի ունենալով, որ կարգ մը մարզիկներ կը խաբեն մրցակիցը` գնդակին հազիւ դպնալով: Այս բարեփոխումը կատարուած է կրկին շեշտելու համար, որ խաղը պէտք է մարզական ոգիով ընթանայ:
12.- Մարզիկի Վերաբերմունք
Իրաւարարներէն կը պահանջուի աւելի խիստ կեցուածք ունենալ մարզիկներու «անհանդուրժելի վերաբերմունքին պարագային»: Այս մասին կը նշուի Անգլիոյ ֆութպոլի բոլոր պատասխանատու մարմիններու միացեալ յայտարարութեան մէջ: Որոշումներու համար բողոքող, իրաւարարներու հետ դէմ յանդիման վիճաբանող մարզիկները պիտի ազդարարուին (դեղին քարտ): Իրաւարարներուն հետ բախում ունեցող, վիրաւորական, նուաստացուցիչ արտայայտութիւններ եւ շարժուձեւեր ընող մարզիկները անմիջապէս պիտի վտարուին դաշտէն (կարմիր քարտ):
Նպատակն է առաջքը առնել իրաւարարներուն հանդէպ անյարգալից վերաբերմունքին, որոշումներուն յարձակողական արձագանգելուն:
Օրէնքներու փոփոխութեան ամբողջական ցանկը հրապարակուած է ՖԻՖԱ-ի կայքին մէջ: