
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Պասթիան Շուայնշթայկըր յայտարարեց միջազգային իր ասպարէզը աւարտելու մասին:
Ան այս որոշումին մասին գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ:
Շուայնշթայկըր Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կազմին մէջ 2004 թուականէն ի վեր մասնակցած է 120 մրցումներու, որոնց ընթացքին նշանակած է 24 կոլ: 31-ամեայ ֆութպոլիստը 2014 թուականին Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ դարձաւ աշխարհի ախոյեան:


