Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի ակումբներու ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցած ՀՄԸՄ-Անսար վճռորոշ մրցումը վերջ գտաւ 5-1 արդիւնքով` ի նպաստ Անսարի:
Երէկ ՀՄԸՄ մրցում ունեցաւ Սովիեթ խումբին դէմ` արձանագրելով 4,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը: Աւետիք Գրիգորեան, Ժիրօ Օգնայեան եւ Հրայր Պրունսուզեան յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Քրիսթոֆըր Իտ, Ռազմիկ Օգնայեան եւ Րաֆֆի Ճիկերեան հաւասարութիւն արձանագրեցին: Այս յաղթանակով ՀՄԸՄ կը յաջորդէ Անսարին 2-րդ դիրքին վրայ` 11 կէտով: Անսար ունի 14 կէտ:
ՀՄԸՄ-ի այսօրուան մրցակիցը պիտի ըլլայ Անիմասիոնը, իսկ վաղուան մրցակիցը` Սայտայի Ահլին: