Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիօ-2016. Դաւիթ Պեճանեան. «Ռիօ-2016-էն Զրկելը Մահապատիժ Էր Ռուսական Ծանրաբարձութեան Համար»

August 1, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

rio-5_73016Ծանրաբարձութեան  Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութիւններու մետալակիր, Ռուսիան ներկայացնող Դաւիթ Պեճանեան մեկնաբանեց ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնի որոշումը` հեռացնել Ռուսիոյ հաւաքականը Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերէն:

Tavit-Bedjanian_73116

«Մարզիկները ամբողջ կեանքն ու առողջութիւնը կը վատնեն մարմնամարզի համար, իսկ ոչինչ հասկցող մարդիկ որոշումով մը կը վճռեն մարդոց ճակատագիրը: Ասիկա դատավճիռ է, մահապատիժ է ամբողջ ռուսական ծանրաբարձութեան  համար, բոլորիս համար, տղաներու, աղջիկներու, մարզիչներու համար», ըսաւ Դաւիթ Պեճանեան, որուն անունը բնաւ չէ նշուած խթանող դեղերու խայտառակութեան մէջ:

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն, միջազգային ֆետերասիոններուն իրաւունք տուած է  հակախթանիչներու կանոնի խախտումներուն հետ առնչութիւն ունեցող ռուս մարզիկները զրկել ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրաւունքէն:

Թուրքերը Կրնան Զրկուիլ Խաղերը Դիտելու Կարելիութենէն

5-էն 21 օգոստոսին Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ  քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք 2016-ի ողիմպիական խաղերը Թուրքիոյ մէջ հաւանական է, որ չցուցադրուին: Ըստ թրքական «Հապերլեր» լրատու կայքին, Թուրքիոյ պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի ընկերութիւնը չէ կրցած  համաձայնութիւն գոյացնել «Սարան Կրուփ» ընկերութեան հետ, որուն կը պատկանի ողիմպիական խաղերը Թուրքիոյ մէջ պատկերասփռելու իրաւունքը:

«Թէ.Ռէ.Թէ.» չափազանց սուղ նկատած է խաղերու  պատկերասփռման իրաւունքի տրամադրման համար «Սարան Կրուփ»-ի պահանջած գումարը:

Առայժմ ոչ մէկ այլ թրքական պատկերասփիւռի ընկերութիւն ձեռք բերած է Ռիոյի ողիմպիական խաղերը ցուցադրելու իրաւունքը: Եթէ երկու ընկերութիւնները  յառաջիկայ օրերուն համաձայնութիւն չգոյացնեն, Թուրքիոյ մարզասէրները կը զրկուին Ռիօ-2016-ը դիտելու կարելիութենէն:

Նախորդը

Ճատրակ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ` Երկրորդ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.