31 օգոստոսին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ բարեկամական մրցում մը… եթէ անշուշտ այդպիսի մրցում մը կարելի է «բարեկամական» անուանել:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյեթ» օրաթերթի կայքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ 9 օգոստոսին Ռուսիոյ մէջ պիտի տեսակցի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, զայն պիտի հրաւիրէ Թուրքիա` դիտելու նշեալ բարեկամական մրցումը:
Թրքական լրատու միջոցը ֆութպոլային այդ մրցումը կը նկատէ անակնկալ զարգացում եւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղուած նոր քայլ:
Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ հանդիպումը լուրջ քննութիւն պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ազգային հաւաքականին համար` 2018 թուականի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներէն առաջ:
Սակայն փաստօրէն քաղաքական նպատակներով տեղի ունենալիք այս «բարեկամական» մրցումին մասին, ի՞նչ ըսելիք պիտի ունենայ նախագահ Փութին, որ քանի մը օր առաջ յայտարարած էր. «Կը փորձեն համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ գերիշխող կանոնները տեղափոխել մարմնամարզ»: