Ռուսիոյ մարմնամարզի նախարարութեան տուալներով, միջազգային ֆետերասիոնները հաստատած են 257 ռուս մարզիկներու մասնակցութիւնը Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն:
Հարցականի տակ է տակաւին Համաշխարհային հակախթանիչներու գործակալութեան անկախ յանձնախումբի զեկուցումին մէջ նշուած 14 մարզիկներու մասնակցութիւնը: Զեկուցումին մէջ նշուած խմբային մարզաձեւերու 12 մարզիկներ զրկուած են մասնակցութեան իրաւունքէն:
Նախնական ակնկալութիւններով Ռուսիա Ռիօ-2016-ի խաղերուն մէջ պիտի ունենայ շուրջ 270 մասնակից: Նախքան խթանիչներու խայտառակութեան պատճառով որակազրկումները, ռուս 387 մարզիկներ Ռիօ-2016-ին մասնակցելու տոմս նուաճած էին: