Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն կը շարունակուին կռփամարտի 52 քկ դասակարգի մրցումները:
Երէկ Ռուսիան ներկայացնող Միհայիլ Ալոյեան յաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը:
Քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին, 27 տարեկան կռփամարտիկը պարտութեան մատնեց (3-0) քոլոմպիացի Սէյպեր Աւիլան:
Աւարտականի տոմս մը ապահովելու համար, այսօր Ալոյեան պէտք է յաղթէ Եու Զիան Կուանի (Չինաստան):