Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող 2016-ի ողիմպիականի խաղերուն, երէկ Ժեն Ցիան (Չինաստան) հանդիսացաւ ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ կը տիրանայ ոսկի մետալի:
Արդարեւ, ջուրի մէջ ցատկելու (10 մեթր բարձրութենէն) մրցումներուն, ան իր ամէնէն մօտիկ մրցակիցին գերազանցեց 20 կէտով:
Ան, ընթացիկ ողիմպիականի խաղերուն, ոսկի մետալին տիրացած պահուն 15 տարեկան եւ 180 օրուան էր: