
Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող երկիրը` Պրազիլ, տիրացաւ տղոց ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտականին փենալթիներով յաղթելէ ետք Գերմանիոյ` 5-4 արդիւնքով:
Երկու կազմերուն միջեւ այս մրցումը երկարաձգումէն ետք աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Մրցումին 27-րդ վայրկեանին Պարսելոնայի յառաջապահ Նէյմար բացաւ հաշիւը: Սակայն 59-րդ վայրկեանին Մաքս Մայըր նշանակեց Գերմանիոյ հաւասարութեան կոլը:
Այսպիսով, Պրազիլ առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանայ ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին` չորս փորձերէ ետք:


