Ռիօ տը Ժանէյրոյի ողիմպիականի ամառնային խաղերուն, ջրագնդակի (ուոթըր-փոլօ) աղջկանց մրցաշարքի տիտղոսին տիրացաւ Միացեալ Նահանգներու խումբը, որուն գլխաւոր մարզիչն է հայազգի Ադամ Գրիգորեան:
Աւարտականին ամերիկացիք 12-5 արդիւնքով յաղթեցին Իտալիոյ:
Պրոնզէ մետալին տիրացաւ Ռուսիա, որ երրորդ դիրքի մրցումին յաղթեց Հունգարիոյ:
Նշենք, որ աւարտականի այս մրցումէն քանի մը օր առաջ, Քալիֆորնիոյ մէջ մահացաւ 42 տարեկան Ադամի եղբայրը` Պլէյք, ինքնաշարժի արկած մը ունենալով:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ամերիկացի մարզիկները իրենց բոլոր մետալները կախեցին Ադամի ուսին: