Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերու կռփամարտի 52 քկ դասակարգին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան կիսաւարտականի ճակատումները:
Ռուսիան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Միհայիլ Ալոյեան իրաւարարներուն միաձայն որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ Եու Զհին Կուանի դէմ եւ բնականաբար հասաւ աւարտական հանգրուան:
Ոսկի մետալին համար իր տանելիք պայքարին, Ալոյեան պիտի ճակատի Ուզպեքիստանը ներկայացնող Շախոպիտին Զոյիրովի դէմ: