Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն ընթացքին հայ մարզիկները կը շարունակեն իրենց ելոյթները:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի 57 քկ դասակարգի մրցումներուն, Գառնիկ Մնացականեան իր կատարած առաջին մրցումին (1-8-րդ հանգրուան) 13-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իրանցի իր մրցակիցէն` Հասան Ռահիմիէն:
Սակայն Մնացականեան պրոնզ մետալի մը տիրանալու իր յոյսերը կորսնցուց, որովհետեւ Ռահիմի կիսաւարտականին պարտուեցաւ` չկարենալով հասնիլ աւարտականին: