Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին:
Գիւմրիի մարզադաշտին վրայ, այսօր Շիրակ կը հիւրընկալէ Արարատը:
Վաղը «Նայիրի» մարզադաշտին վրայ Բանանց հիւրը պիտի ըլլայ Ալաշկերտի:
Այս երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 17:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի Փիւնիկ – Գանձասար Կապան մրցումով, որ կը սկսի ժամը 19:00-ին եւ տեղի կ՛ունենայ Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: