
Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին յաղթելէ ետք իտալացի Թոմաս Ֆապիանոյի` 6-3, 6-3, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով:
Բ. հանգրուանին Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ ճափոնցի Քէյ Նիշիքորի (6-րդ), որ իր յաղթանակը արձանագրեց գերմանացի Պենճըմին Պեքերի հաշուոյն:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 46 միլիոն ամերիկեան տոլար:


