
Խրուաթ Իվօ Քարլովիչ երէկ «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին իր կատարած 61 էյսերուն շնորհիւ այս մրցաշարքին գծով նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ շրջանցեց Ա. հանգրուանը Լիւ Եէն-Հսիւնի դէմ (Թայուան) իր արձանագրած 4-6, 7-6, 6-7, 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակին շնորհիւ:
37 տարեկան Քարլովիչ այսպիսով կտրեց հոլանտացի Ռիչըրտ Քրայչեքի հաստատած մրցանիշը, որ 1999-ին քառորդ աւարտականի իր մրցումին կատարած էր 49 էյսեր:
Նշենք, որ այս մրցաշարքէն առաջ ան էյսերու իմաստով առաջին դիրքին վրայ էր` իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կատարելով 11.277 էյս, ինչ որ կը նկատուի մրցանիշ մը:


