Փիւնիկ Երեւանի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Արտակ Օսէեան նշանակուեցաւ իբրեւ ակումբին գլխաւոր մարզիչը:
Նախկին գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեանի հեռանալէն ետք, Օսէեան նշանակուած էր գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Փիւնիկ իր տրամադրութեան տակ ունենալով միայն 4 կէտ (առաւելագոյն 12-էն), կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրքը: