
Իրանի Համատան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի 13-րդ միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Կրանտմասթըրներ Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Յովիկ Հայրապետեան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
Տիտղոսին տիրացաւ Լաթվիան ներկայացնող կրանտմասթըր Ալեքսէյ Շիրով, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7 կէտ:
Հայրենի ճատրակ խաղացողները կէսական կէտով միայն ետ մնացին տիտղոսակիրէն, լուրը կ՛եզրափակէ News.amSport:


