Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ աւարտած Եւրոպայի ճատրակի տարբեր տարիքային խումբերու պատանեկան ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչներ` Մամիկոն Ղարիբեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան տիրացան ոսկի մետալներու:
«Նիուզ»-ի համաձայն, 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Ղարիբեան, առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Իսկ Պետրոսեան, 7,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 18 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան:
8 տարեկանէն վար Ռուտոլֆ Փաշիկեան 7 կէտով բաժնեց 2-8 դիրքը, բայց լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց 7-րդ դիրքը:
10 տարեկանէն վար Արսէն Դաւթեան 7 կէտով գրաւեց 6-րդ դիրքը, Շանթ Սարգսեան (14 տարեկան) 6,5 կէտով` 6-րդ դիրքը, իսկ Արամ Յակոբեան (16 տարեկանէն վար), 7 կէտով` 5-րդ դիրքը: