Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերգէյ Սիմոնեան 50 քկ դասակարգի մրցումներուն 8-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց ազերի Զիատ Զէյնալովի դէմ:
Քառորդ աւարտականին Սիմոնեան յաղթեց իտալացի Ճիովանի Ֆրենիին, մինչ կիսաւարտականին պարտուեցաւ Վլատիսլաւ Մելնիքովէն (Ռուսիա):
Պրոնզ մետալին տիրանալու համար հայրենի ըմբիշը պէտք է, որ յաղթէ Ատիլեթ Տաալայիպեքովի (Խըրխըզիստան):