
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ գիշեր Հայաստանի ազգային հաւաքականը հիւրը եղաւ Չեխիոյ:
Թէեւ այս մրցումը բարեկամական հանդիպում մըն էր, սակայն անիկա կարեւոր էր այն իմաստով, որ տեղի կ՛ունենար Դանիոյ դէմ կատարուելիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին նախօրեակին:

Սակայն դժբախտաբար Վարուժան Սուքիասեանի կազմը մտահոգիչ պարտութեամբ մը աւարտեց այս հանդիպումը` 3-0 արդիւնքով: Հիւրընկալ կազմին երեք անպատասխան կոլերը նշանակեցին Լատիսլաւ Քրեժսի (4-րդ), Վացլաւ Քատլեք (34-րդ) եւ Եան Քոփիք (86-րդ):
Սուքիասեան այս մրցումին իր կազմին մէջ կատարեց եօթը փոփոխութիւն, մինչ Չեխիոյ մարզիչը` 11 փոփոխութիւն:
Նշենք, որ այս մրցումին հայրենի ֆութպոլիստները դաշտ ներկայացած էին նոր տարազով մը:
Անիկա ճերմակ էր, կեդրոնը` կապոյտ գիծով, իսկ անոր վրայ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին զինանշանները:
Կ՛ակնկալուի, որ երէկուան այս պարտութեան պատճառները եղող սխալները սրբագրուին, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւ արդիւնք ձեռք ձգել Դանիոյ դէմ:


