Երէկ` երեքշաբթի, 30 օգոստոսին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Կիպրոս մեկնեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիան, հոն վեցօրեայ բանակում մը կատարելու համար:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ են 16 պատանի ֆութպոլիստներ, որոնք հոն պիտի կատարեն փորձեր, անոնց պիտի տրուին յատուկ դասախօսութիւններ` ֆութպոլի մասին աւելի հարուստ տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու համար:
Կիպրոսի մէջ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային մարզիկները պիտի կատարեն բարեկամական 2 մրցում. առաջինը` ՀՄԸՄ-Այմային դէմ, իսկ երկրորդը` տեղւոյն կազմի մը դէմ (մրցակիցին անունը կը յստականայ շուտով):
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցենք յառաջիկային: