Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը նախորդ յուլիսի սկիզբը հրապարակեց անունները երեք ծանրաբարձներու, որոնց 2008-ին գործածած խթանիչ դեղերուն քննութիւնները տուած են դրական արդիւնք` վերստուգումէն ետք:
Անոնց կարգին է նաեւ Փեքինի ողիմպիականի խաղերու պրոնզէ մետալակիր Տիգրան Գէորգ Մարտիրոսեան, որ իր մետալին տիրացած էր 69 քկ դասակարգին մէջ:
Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ան ամէնէն արագ միջոցին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի պէտք է վերադարձնէ իր այդ մետալը: