Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմ 2024-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերը հիւրընկալելու բախտը պիտի չունենայ` նկատի ունենալով, որ անիկա յետս կոչեց իր առաջադրած թեկնածութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ insidethegames:
2 ամիս առաջ ընտրուած քաղաքապետ Վիրժինիա Ռաճի նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին յայտարարած էր, որ Հռոմ պէտք է կեդրոնանայ նիւթական եւ տնտեսական խնդիրներու լուծման վրայ, եւ որ ողիմպիականի խաղերու ժամանակը չէ:
Այսպիսով այդ խաղերը հիւրընկալելու թեկնածու կը մնան Փարիզը, Պուտափեշթը եւ Լոս Անճելըսը:
Կը կարծուի, թէ գլխաւոր թեկնածուն Լոս Անճելըսն է:
Անոր ետին երկրորդ դասուած է Փարիզ, ապա` Պուտափեշթ: