Հենրիխ Մխիթարեան, երբ գերմանական Պորուսիա Տորթմունտէն միացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին, բազմահազար հայեր անցկութեամբ կը սպասէին, թէ ե՞րբ պիտի խաղայ եւ ի՞նչ տպաւորութիւն պիտի ձգէ մեր հայրենակիցը Անգլիոյ դժուարահաճ ֆութպոլասէրներու, Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրներու եւ մանաւանդ ֆութպոլի մրցումներու անգլիացի մեկնաբաններու շրջանակներուն մէջ:
Որոշ թիւով հայեր դժգոհութիւն յայտնեցին, որ մեր աստղը առաջին խաղերուն միայն իբրեւ փոխարինող դաշտ կը ներկայանայ եւ կարճ ժամանակով կը խաղայ:
Սակայն այդ «կարճ ժամանակին» մէջ իսկ Հենրիխ տպաւորած է բոլորը…