Նշմար. Ի Վերջոյ Խա՜ղ Է Բարեկամ…
ԹՈՐԳՈՄ Բնականաբար որեւէ մահ ողբերգութիւն է: Նոյնիսկ անծանօթի մը մահուան գոյժը երբ լսես, պահ մը անբացատրելի ապրում մը կ՛ունենաս: Իսկ կանխահաս, անակնկալ մահերը ուղղակի կ՛ապշեցնեն եւ առաջին արձագանգդ կ՛ըլլայ. - Ո՜չ...: Թէ որո՞ւ կ՛ըսուի այդ պոռթկում-բողոք «Ոչ»-ը, կը մնայ առեղծուած, ինչպէս նոյն ինքն մահը: Աւելի զարմանալի կը թուին մարզիկներու վաղահաս մահերը, մինչ կ՛ենթադրուէր, թէ անոնք չեն մեռնիր: Վերջերս տարբեր հանգամանքներով...











