Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ի Վերջոյ Խա՜ղ Է Բարեկամ…

September 16, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Բնականաբար որեւէ մահ ողբերգութիւն է: Նոյնիսկ անծանօթի մը մահուան գոյժը երբ լսես, պահ մը անբացատրելի ապրում մը կ՛ունենաս: Իսկ կանխահաս, անակնկալ մահերը ուղղակի կ՛ապշեցնեն եւ առաջին արձագանգդ կ՛ըլլայ.

– Ո՜չ…:

Թէ որո՞ւ կ՛ըսուի այդ պոռթկում-բողոք «Ոչ»-ը, կը մնայ առեղծուած, ինչպէս նոյն ինքն մահը:

Աւելի զարմանալի կը թուին մարզիկներու վաղահաս մահերը, մինչ կ՛ենթադրուէր, թէ անոնք չեն մեռնիր:

nshmar_91516

Վերջերս տարբեր հանգամանքներով անժամանակ մահացան երեք ֆութպոլիստներ` Ռուսիոյ, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ:

Անշուշտ նորութիւն չէ մրցումներու ընթացքին մարզիկներու մահանալը: 19-րդ դարու վերջին տասնամեակէն ի վեր աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ աւելի քան հազար ֆութպոլիստներ մահացած են մրցումներու ընթացքին:

Անշուշտ բոլոր այդ դէպքերն ալ իրենց առարկայական բացատրութիւնները ունին, բայց եկո՛ւր ատիկա ծնողներուն, հարազատներուն բացատրէ՛:

Արհեստավարժ բոլոր ակումբներն ալ ունին իրենց մասնագիտական, բժշկական կազմերը, որոնք բացառիկ բծախնդրութեամբ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը, սակայն բաներ կան, որոնք անոնց ուժերէն վեր են:

Ժամանակակից ֆութպոլի աւելի արագ կշռոյթը, աւելի արագ հեւքը, աւելի ֆիզիքական ըլլալը, աւելի յարձակողապաշտ (ակրեսիւ) ըլլալը, աւելի կռուազան ըլլալը, հովանաւորողներուն, համակիրներուն, ակումբներու պատասխանատուներուն  աւելի պահանջկոտ ըլլալը… այս բոլոր «աւելիները» կը շալկեն մարզիկներն ու մարզիչները, որոնք ի վերջոյ մարդ արարածներ են եւ օր մը կրնան կքիլ, որովհետեւ կրնայ «հոգինին յօժար ըլլալ, բայց մարմիննին` տկար…»:

Աւելի փառքի, պատիւի եւ դրամի մարմաջը մեզ  վերադարձուցած է Հռոմէական կայսրութեան դարաշրջան, ֆութպոլի դաշտը եղած է` ամփիթատրոն, իսկ մարզիկները` իրարու դէմ կեանքի եւ մահուան կռիւ մղող կլատիաթորներ:

Իսկ մարզական խաղերուն մէջ ողբերգական մահերուն ի տես, պիտի շարունակենք աւելի եւ աւելի ըսել.

– Մահը իր ճամբով, կեանքը` իր:

Բայց… հիմնական բան մը կ՛անտեսենք.

Այո՛, մրցում է, բայց  Ի ՎԵՐՋՈՅ ԽԱ՜Ղ Է ԲԱՐԵԿԱՄ…

 

 

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Կարէն Մարգարեան` Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.