
Այս շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն հետաքրքրական ճակատումէ մը ետք վերջ գտաւ Մանչեսթըր քաղաքի տերպին, որուն ընթացքին Եունայթըտ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Սիթիէն: Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Ա. կիսախաղին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, Բ. կիսախաղին, փոխարինուեցաւ Եունայթըտի իր խմբակից Անտեր Հերերայով:
Նկատի ունենալով, որ Եունայթըտ պարտուեցաւ եւ Չելսի հաւասարութիւն մը արձանագրեց, այժմ, Սիթի միակ խումբն է, որ ապահոված է առաւելագոյն 12 կէտը:

Կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Լիվըրփուլ` ախոյեան Լայսթըր Սիթիի դէմ (4-1):
Անակնկալ պարտութիւն մը կրեց նաեւ իր դաշտին վրայ ախոյեան Պարսելոնա, Ալաւեսէն, 2-1 արդիւնքով: Այս վերջինը արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:
Ռէալ Մատրիտ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը (միակ խումբն ըլլալով), երբ 5-2 արդիւնքով յաղթեց Օսասունային:

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ իր առաջին մրցումը կատարեց արքայական ակումբին հետ, նշանակեց մրցումին եւ տարեշրջանի իր առաջին կոլը` Ռէալի հետ:
Իտալիոյ մէջ Եուվենթուս, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով յաղթելով Սասուոլոյի:
Ա. Սէ. Միլան սակայն կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, Ուտինեզէէն, 1-0 արդիւնքով:
Ֆրանսայի մէջ, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սենթ Էթիենի հետ:
Իսկ Գերմանիոյ մէջ Պայէրն Միւնիխ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Շալքէի:


