31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Միհրան Յարութիւնեան Ռուսիոյ մէջ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Եմելիանովօ օդակայանին մէջ, Միհրան Յարութիւնեանին դիմաւորելու եկած էին Ռուսիոյ հայկական համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ըմբիշին նուիրուեցաւ 2,5 միլիոն ռուբլի նուէր:
Անոր ի պատիւ կազմակերպուեցաւ ինքնաշարժներով շքերթ մը:
Նշենք, որ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն, Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամը, իրաւարարներու կողմնակալութեան պատճառով, զրկուեցաւ ոսկի մետալէն, եւ անոր բաժին ինկաւ արծաթը: