
Այս շաբաթավերջին Սպանիոյ մէջ աւարտեցաւ «Սապաթել-2016» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի ճատրակ խաղացողները:
Chess.am կը յայտնէ, որ Հայաստան տիրացաւ երկու մետալի:
Վերջին հանգրուանին Կարէն Գրիգորեան արձանագրեց յաղթանակ մը, իսկ Կարէն Մովսիսեան` հաւասարութիւն մը:
Գրիգորեան, ապահովելով 7 կէտ, Քուպայի ներկայացուցիչին հետ բաժնեց 1-2-րդ դիրքերը: Սակայն լրացուցիչ կէտերով տիտղոսակիր հանդիսացաւ Գրիգորեան:
6,5 կէտով երրորդ դիրքը գրաւեց եւ պրոնզ մետալին տիրացաւ Կարէն Մովսիսեան:


