
Շաբաթ, 10 սեպտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ հիւրընկալուեցան 2016-ի ողիմպիական խաղերուն յաղթանակներ կերտած եւ մրցանակային դիրքեր ապահոված Հայաստանի ողիմպիականի հաւաքականին մարզիկներն ու անոնց մարզիչները:
Հանդիսաւոր ընդունելութեան ընթացքին` հայ մարզիկներուն եւ մարզիչներուն յայտնելով իր երախտագիտութիւնը եւ անոնց մաղթելով նորանոր ձեռքբերումներ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սէյրան Օհանեան նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը այսօր միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին մի՛շտ ալ կը փաստէ իր գերակայութիւնը շնորհիւ իր ուժին:

Այս հանդիպումին աւարտին 31-րդ ողիմպիական խաղերուն, յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ, ոսկի մետալակիր` Արթուր Ալեքսանեանը, արծաթէ մետալակիր` Միհրան Յարութիւնեանը, ծանրաբարձներ, արծաթէ մետալակիրներ` Սիմոն Մարտիրոսեանը եւ Գոռ Մինասեանը Սէյրան Օհանեանի կողմէ պարգեւատրուեցան «Գարեգին Նժդեհ» գերատեսչական մետալներով:


