
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աղջկանց աւարտականի ճակատումը աւարտեցաւ 2-րդ դասուած գերմանացի Անճելիք Քերպըրի յաղթանակով, որ տիրացաւ տիտղոսին, 6-3, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քարոլինա Փլիսքովայի (Չեխիա, 10-րդ):
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ եւ 7 վայրկեան:
Նշենք, որ 28 տարեկան գերմանացին, որ իր ուրախութենէն սկսաւ լալ, տիտղոսը ստանալէ բացի արժանացաւ նաեւ 3,5 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ չեքի մը:
Այսօր հրապարակուելիք նոր աշխարհի դասաւորման մէջ ան պաշտօնապէս պիտի գրաւէ պարագլուխի դիրքը:
Հետաքրքրական եղաւ նաեւ այն, որ վերջին 20 տարիներուն որեւէ գերմանացի մարզիկ չէր յաջողած տիրանալ աղջկանց տիտղոսին:
Ինչ կը վերաբերի տղոց աւարտականի ճակատումին, այսօր պիտի մրցին թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ եւ Սթանիսլաւ Վավրինքա (Զուիցերիա, 3-րդ):


