Մարզական

Մարզական Ծիծաղ…Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ…Ծիծաղ

Տոմս` Դաշնակով . Ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի հանգրուանին, Հայաստան կը հիւրընկալէ Ռոնալտոյի Փորթուգալը: Տոմսերը օրեր առաջ սպառած են: Խաղէն ժամ մը առաջ Երեւանի քաղաքապետարանի դաշտ կը հասնին Գիւմրիէն երկու երաժիշտներ: Մուտքի դրան մօտ անոնցմէ մէկը միւսին կ՛ըսէ. - Մե՜ղք, երանի՜ երաժշտանոցի դաշնակը հետերնիս բերէինք: - Դաշնակը ի՞նչ պիտի ընես հոս, - կը հարցնէ միւսը շատ զարմացած: -...

Նէյմարը Կ՛երգէ, Կը Պարէ Եւ Կ՛ոչնչացնէ

Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմիոնէ խօսեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի` Պարսելոնայի  դէմ տեղի ունենալիք մրցումին մասին եւ գովեց պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը: «Իմ գլխաւորած տարիներուս Աթլեթիքոն  երբեք արժանի չէ եղած յաղթանակի Նիւ Քամփի մէջ: Յոյս ունինք, որ ատիկա կը փոխուի», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Նէյմար բացառիկ ֆութպոլիստ է, որ կրցաւ յաղթել ողիմպիական խաղերուն, այդքան քննադատութիւններէ  ետք: Ան իր իւրայատուկ...

Ըստ Ճոն Պրետլիի. Հենրիխ Մխիթարեան Անպայման Կը Դառնայ Մանչեսթըրի Հիմնական Ֆութպոլիստը

Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրները աւելի շատ կը քննադատեն խումբի մարզիչ Մորինիոն Հենրիխ Մխիթարեանը վիրաւոր վիճակի մէջ  խաղցնելուն  համար, քան Մխիթարեանը` մանչեսթըրեան տերպիին մէջ իր վատ խաղարկութեան համար: Այս մասին  նշեց անգլիացի յայտնի մարզական լրագրող, մեկնաբան Ճոն Պրետլի: Հարցազրոյցի մը մէջ ան ըսաւ. «Իւրաքանչիւր ֆութպոլիստի համար մեծ քայլ է տեղափոխուիլ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգ եւ անմիջապէս յաջողութեան հասնիլ: Նկատի առնելով, որ ան...

Գերմանիոյ Մէջ Ձերբակալուեցաւ Մրցումի Մը  Ընթացքին 43 Կոլ Ստացած Բերդապահը

Գերմանիոյ Մէջ Ձերբակալուեցաւ Մրցումի Մը Ընթացքին 43 Կոլ Ստացած Բերդապահը

Գերմանական Վոնտերորտ ակումբի բերդապահ Մարքօ  Քվիոթեք Օպերհաուզենի դէմ ֆութպոլի Գերմանիոյ վերջին դասակարգերէն մէկուն մրցումի մը ընթացքին 43 կոլ ստացաւ: Այդ մրցումէն քանի մը օր ետք, ոստիկանները այցելեցին ակումբի մարզումի վայրը եւ 25-ամեայ  բերդապահը տարին ոստիկանատուն: Ոստիկանները ոչինչ հաղորդեցին ձերբակալութեան պատճառներուն մասին: Օպերհաուզենի դէմ մրցումի առաջին կիսախաղին Վոնտերորտ 35 կոլ ստացած էր: Մրցակից խումբին մարզիչը երկրորդ կիսախաղին փոխարինեց խումբին հիմնական մարզիկները,...

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ

Համակիրներ Մարզիչի Ետին... . Լրագրող մը հարցազրոյց կ՛ունենայ մարզիչի մը հետ, որ նոր պաշտօնազրկուած է: Լրագրողը կը հարցնէ. - Համակիրները ձեր ետեւը չէի՞ն: - Այո՛, այո՛, բայց ես յաջողեցայ խուսափիլ անոնցմէ, երբ օդակայան հասայ:   Զարմանահրաշ Մարզիկը . Երկու համակիրներ կը զրուցեն ակումբի նոր մարզիկին մասին, որուն փոխանցումին համար 50 միլիոն տոլար վճարուած է: - Ես այս նոր միջնապահը մեր...

Ֆութպոլ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն

Շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքի 6-րդ փուլի մրցումներէն ետք, դասաւորումը հետեւեալ պատկերը ունի (բոլոր խումբերն ալ 6-ական մրցում խաղցած են).   ԿԷՏ 1.- Շիրակ 14 2.- Ալաշկերտ 11 3.- Բանանց 9 4.- Փիւնիկ 8 5.- Գանձասար-Կապան 4 6.- Արարատ 4

Բռնցքամարտ. Կարօ Մուրատի Հերթական Յաղթանակը` Նաքաութով

Գերմանիան ներկայացնող հայ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Կարօ Մուրատ իր,  30-րդ յաղթանակը տարաւ նաքաութով: Գերմանիոյ Կոփինկէն քաղաքին մէջ  տեղի ունեցած մենամարտին 33-ամեայ Մուրատի մրցակիցը ուքրանացի Եւկէնի Մախտէինքոն էր, որ 12-րդ ռաունտին պարտուեցաւ թեքնիք նաքաութով: Հայ բռնցքամարտիկը նուաճեց WBA միջազգային  թափուր գօտին: Ասիկա Կարօ Մուրատի արհեստավարժ ասպարէզին 34-րդ մենամարտն էր: Մուրատ նախորդ մենամարտը կատարած էր այս տարուան յունիսի սկիզբը, երբ առաջին ռաունտին նաքաութի...

Լ. Ճուլֆալակեան. «Առանց Աշխատանքի Ոչ Մէկ Յաղթանակ Կ՛ապահովուի»

Յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ճուլֆալակեան բարձր գնահատեց ժողովուրդին եւ երկրի ղեկավարութեան գնահատականը խումբի յաջողութիւններուն` ողիմպիական ոսկի եւ արծաթ մետալներուն, զորս Ռիոյի Ողիմպիական խաղերուն նուաճած են Արթուր Ալեքսանեանն ու Միհրան Յարութիւնեանը: «Որեւէ աշխատանք պէտք է ստանայ իր գնահատականը: Եթէ քու աշխատանքդ չի գնահատուիր քու երկրիդ, կառավարութեանդ, երկրի նախագահին կողմէ, ամէն բան կը կորսնցնէ իր ուժը: Բայց այս գնահատականներուն...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակ (ԻՖԼ)

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակ (ԻՖԼ)

Այս գիշեր տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները (Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 9:45-ին) Պորնմութ - Փրեսթըն Պրայթըն - Ռէտինկ Նոթինկհամ Ֆորեսթ - Արսենալ Նիւքասըլ - Վուլվզ Լէսթըր - Չելսի Լիծ - Պլէքպըրն Էվըրթըն - Նորուիչ Տարպի - Լիվըրփուլ Պարենք

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ…

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ…

Իրաւարարի Ընկե՞ր . Բաժակի աւարտական մրցումէն ետք գիշերը կազմակերպուած պարահանդէսի սրահ կը հասնին երեք անձեր, որոնք տոմս չունին: Երբ դռնապանը տոմսերը կը պահանջէ, անոնցմէ մէկը կ՛ըսէ. - Եղած է, մենք իրաւարարին ընկերներն ենք: - Ո՛ւր լսուած է, որ իրաւարար մը երեք ընկեր ունենայ, - կ՛ըսէ դռնապանը եւ կը վռնտէ զանոնք:   Տոմս Կը Փնտռուի... . Արտեմ կը հասնի Երեւանի քաղաքապետարանի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Յաղթական Վերադարձաւ Պհամտունէն

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը բաժակի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը կատարեց երէկ կէսօրէ ետք, Պհամտունի դաշտին վրայ, ուր իր մրցակիցն էր Պար Էլիասի Նասերը: Մրցումին 90 վայրկեաններուն կոլ չնշանակուեցաւ, հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները աւելի առիթներ ստեղծեցին: Խաղը երկարաձգուեցաւ 30 վայրկեանով, որուն ընթացքին զգալի էին  ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն վճռականութիւնը, ծրագրուած խաղարկութիւնը,  յաղթանակի ձգտումը, որոնց միանալով  համակիրներու քաջալերանքը  ՀՄԸՄ 3-0 արդիւնքով նուաճեց յաղթանակը:...

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Պարգեւատրած Է  Ողիմպիական Մետալակիրները,  Անոնց Մարզիչները Եւ Գագիկ Ծառուկեանը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Պարգեւատրած Է Ողիմպիական Մետալակիրները, Անոնց Մարզիչները Եւ Գագիկ Ծառուկեանը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը պարգեւատրած է Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն մետալներ նուաճած հայ մարզիկները: Յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեանը եւ Միհրան Յարութիւնեանը, ինչպէս նաեւ ծանրորդներ Սիմոն Մարտիրոսեանը եւ Գոռ Մինասեանը պարգեւատրուած են «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետալով: Նախագահ Սարգսեան պարգեւատրած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը` Պատուոյ շքանշանով: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեանը, Ըմբշամարտի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Կոլերու Տեղատարափ

Եւրոպական երկիրներու մէջ ֆութպոլի շաբաթավերջի մրցումներուն տեղի ունեցաւ կոլերու տեղատարափ, որմէ պաշտպանուելու համար բաւարար չեղան օգտագործուող... անձրեւանոցները («կոլանո՞ց»): Միայն Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի մրցումներուն ընթացքին բերդերը աւելի քան 35 գնդակներով (կոլերով) ողողուեցան: ԱՆԳԼԻԱ Չելսի իր դաշտին վրայ առանց Ճոն Թերիի չկրցաւ լաւ կազմակերպուիլ եւ տեղի տուաւ Լիվըրփուլի առջեւ, որ շատ արագ եւ ամբողջական ֆութպոլ խաղաց: Կարմիրներու մարզիկ Հենտըրսըն նշանակեց բացառիկ կոլ...

Ծանրաբարձութիւն. Արփինէ Տալալեան` Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեան, Վարազդատ Լալայեան` Արծաթէ Մետալակիր

Լեհաստանի մէջ աւարտեցաւ ծանրաբարձութեան Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութիւնը, որուն վերջին օրը Հայաստան նուաճեց ոսկի եւ արծաթ մետալներ: Մինչեւ 17 տարեկան աղջիկներու գերծանր կշիռքի դասակարգին մէջ (+69 քկ) Արփինէ Տալալեան 213 քկ (89+124) արդիւնքով նուաճեց առաջին դիրքը` գերազանցելով երկրորդ դիրքը գրաւած ռուս Տարիա Ռիազանովան: Տղոց մինչեւ 17 տարեկաններու գերծանր կշիռքի դասակարգին մէջ (+94 քկ) Վարազդատ Լալայեան 335 քկ (155+188) արդիւնքով նուաճեց արծաթ...

Բռնցքամարտ. Հայաստան 3 Մետալ Նուաճեց

Ուքրանիոյ Պերտիչեւ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ բռնցքամարտի` Քլիչքօ եղբայրներու անուան երիտասարդներու միջազգային մրցաշարքը: Հայաստանի երիտասարդներու ազգային հաւաքականը նուաճեց 3 մետալ: 64 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ Տոնի Գալստեան նուաճեց արծաթ մետալ` աւարտականին պարտուելով Վրաստանը ներկայացնող Էսքերխան Մատիեւէն: Նոյն դասակարգին մէջ, Գուրգէն Մատոյեան նուաճեց պրոնզ մետալ: Իսկ 91 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ Գուրգէն Յովհաննիսեան նոյնպէս նուաճեց պրոնզ մետալ: Հայաստանի ազգային հաւաքականը կը բաղկանար ...

Մարզական Ծիծաղ,,, Մարզական Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ,,, Մարզական Ծիծաղ

Մարզասէր Կինը . Մարզական խաղեր սիրող կին մը, այլեւս ձանձրացած իր ամուսինէն, որ տան մէջ միայն թերթ կը կարդայ եւ կը քնանայ, անոր կ՛ըսէ. - Ես պէյսպոլի մրցումը դիտելու կ՛երթամ: Եթէ բնաւ չվերադառնամ, գիտցիր, որ յաջողած եմ բռնել ժողովուրդին ուղղութեամբ հարուածուած մէկ միլիոն տոլար արժող գնդակ մը եւ լքած եմ երկիրն ալ, քեզ ալ...   Կեանքին Իմաստը... . Մարդ մը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներու Յայտագիր

ԱՆԳԼԻԱ ՈՒՐԲԱԹ   Չելսի - Լիվըրփուլ   ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Հալ Սիթի - Արսենալ 17:00 Լայսթըր Սիթի - Պըրնլի 17:00 Մանչեսթըր Սիթի - Պուրնըմաութ 17:00 Ուեսթ Պրոմուիչ - Ուեսթ Համ Եունայթըտ 17:00 Էվըրթըն - Միտըլզպորօ 19:30 ԿԻՐԱԿԻ   Ուաթֆորտ - Մանչեսթըր Եունայթըտ 14:00 Քրիսթալ Փալաս - Սթոք Սիթի 16:15 Սաութհեմփթըն - Սուանզի Սիթի 16:15 Թոթենհամ - Սանտըրլենտ 18:30 ՖՐԱՆՍԱ ՇԱԲԱԹ  ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Բաժակի Մրցումներուն Շաբաթավերջի Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը բաժակի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը կատարելու համար վաղը պիտի ուղղուի Պհամտուն, ուր պիտի մրցի Նասեր Պար Էլիասի դէմ: ՀՄԸՄ, որ  Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին արժանի յաղթանակ մը նուաճած էր Սաժեսի դէմ, բնականաբար նոյն ոգիով պիտի խաղայ` աշխատելով ուրախացնել իր համակիրները, որոնք ամբողջ աշխարհի մէջ արհեստագիտական վերջին սարքերով  այլեւս վայրկեանը վայրկեանին կը հետեւին մրցումներուն:...

Արազ Օզպիլիս «Չեմփիընզ Լիկ»-ին Չի Մասնակցիր

Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Պեշիկթաշի 26-ամեայ միջնապահ Արազ Օզպիլիսի անունը թրքական ակումբը չէ ներկայացուցած Եւրոպայի ակումբներու 2016-2017 թուականի ախոյեանութեան մրցաշարքին («Չեմփիընզ Լիկ»): Որոշման դրդապատճառները ընթերցողներուն մեկնաբանութեան կը ձգենք` ներկայացնելով Արազ Օզպիլիսի բացատրութիւնը. «Եթէ ինծի հետ կնքած են 4 տարուան պայմանագիր, ուրեմն յոյսեր ունին: Անշուշտ, բոլոր ֆութպոլիստները կ՛ուզեն խաղալ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքին մէջ, բայց պէտք է շարունակել աշխատիլ: Ֆութպոլի մէջ կրնայ...

Մարզական Ծիծաղ… Մարզական Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ… Մարզական Ծիծաղ

Բարձր... Աւելի Բարձր... . Ձողաբարձութեան ախոյեան մը երկար տարիներ ետք կ՛այցելէ իր յաճախած երկրորդական վարժարանը, ուր կը հանդիպի իր նախկին մարզիչին: Միջանցքին մէջ շրջագայած ատեն կը կանգնի ցուցատախտակի մը առջեւ, ուր տակաւին իր անունը մնացած էր իբրեւ ձողաբարձութեան մրցանիշ հաստատող: Նշմարելով մարզիկին զարմանքը, նախկին մարզիչը կ՛ըսէ. - Այդ մրցանիշը յաւիտեան պիտի մնայ: Մարզիկը համեստօրէն կ՛ըսէ. - Բայց մրցանիշները կ՛ըլլան, որպէսզի...

Page 1064 of 1276 1 … 1,063 1,064 1,065 … 1,276

Արխիւներ