Անցնող քանի մը օրերուն, տարբեր երկիրներու մէջ ֆութպոլիստներ մահացան:

Սպարտակ Մոսկուայի նախկին միջնապահ Արտեոմ Պեզրոտնի մահացաւ, մինչ վազքի փորձեր կը կատարէր: Ան 37 տարեկան էր:
Սպարտակի հետ ան ելոյթ ունեցած է 1995-1996 տարեշրջանին, իսկ Պայէր Լեւերքուզընի հետ` 1998-2003 ժամանակամիջոցին:

Այլ դժբախտ դէպք մը պատահեցաւ Անգլիոյ մէջ, երբ Հալ Սիթիի նախկին յետսապահ Տանիել Ուիլքինսըն մահացաւ, երբ մրցումը կը կատարէր:
26 տարեկան ֆութպոլիստը մաս կը կազմէր ոչ արհեստավարժ Շուլէյն խումբին:
Կը կարծուի, որ ան ունեցած է սրտի կաթուած մը:

Երրորդ ֆութպոլիստի մը մահը պատահեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումին ընթացքին, երբ Քորսիքան ներկայացնող Պիկուլիա խումբի յետսապահ Պեն Իտրիսա Տերմեն մահացաւ սիրտի կաթուածի պատճառով:
36 տարեկան Տերմեն Պուրքինա Ֆասոյի հետ կատարեց միջազգային չորս մրցում:
 
			

