Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան մրցաշարքին ոսկի մետալ նուաճեց Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Մարգարեան:
Մինչեւ 15 տարեկաններու 77 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ, Կարէն Մարգարեան բարձրացուց 280 քկ (130+150)` բարելաւելով իր տարիքային խումբի Եւրոպայի մրցանիշները:
Մինչեւ 15 տարեկան աղջիկներու 63 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիանա Կիւրճեան նուաճեց պրոնզէ մետալ` բարձրացնելով 156 քկ (68+88):