Ուքրանիոյ ըմբշամարտի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ նախանցեալ օր մահացաւ 1976-ի ողիմպիական խաղերու ըմբշամարտի փոխախոյեան Նելսոն Դաւիթեան:
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի նախկին Խորհրդային Միութեան հաւաքականին անդամը, միութեան փլուզումէն ետք ստացաւ ուքրանական քաղաքացիութիւն եւ Ուքրանիոյ մէջ զբաղեցաւ մարզիչի աշխատանքով:
Տարբեր տարիներու ընթացքին ան եղած է Ուքրանիոյ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչը:
Անոր գլխաւորութեամբ, Ուքրանիա 2007-ին տիրացած է աշխարհի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:
Ան 1974-ին եւ 1975-ին եղած է աշխարհի ախոյեան, 1973-ին եւ 1980-ին` Եւրոպայի ախոյեան, ինչպէս նաեւ եղած է նախկին Խորհրդային Միութեան ախոյեան: