Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը` 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնելով Սաժեսը

September 12, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hmem1_91116

Այս շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը Ա. եւ Բ. դասակարգերու մրցումներով:

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը կատարեց Սաֆայի դաշտին վրայ, հիւրը ըլլալով Սաժեսին, տպաւորիչ կերպով սկսաւ նոր տարեշրջանը` 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը:

hmem3_91116

Մրցումին առաջին իսկ վայրկեաններուն, ՀՄԸՄ կատարեց վտանգաւոր յարձակումներ, որոնք սակայն արդիւնաւորուեցան 21-րդ վայրկեանին, երբ հայրենի ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղանտիլեան ուժգին հարուածով մը բացաւ հաշիւը:

Նշենք, որ նախքան այս կոլին նշանակումը, վայրկեան մը առաջ, Քրիսթիան Թիմունեան հարուածեց Սաժեսի բերդին սիւնին:

33-րդ վայրկեանին արդիւնքը վերածուեցաւ 2-0-ի, երբ նոյնինքն Ղանտիլեան նշանակեց իր երկրորդ կոլը:

Ա. կիսախաղը 2 կոլի առաւելութեամբ աւարտած, ՀՄԸՄ, չգոհանալով այս արդիւնքէն, Բ. կիսախաղին նշանակեց երեք կոլ եւս եւ այս մրցումը աւարտեց 5-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակով մը:

hmem2_91116

65-րդ վայրկեանին, Քրիսթիան Թիմունեան նշանակեց մրցումին երրորդ կոլը, 77-րդ վայրկեանին Սագօ Ազնաւուրեան նշանակեց չորրորդ կոլը, մինչ մրցումին 87-րդ վայրկեանին Ճոնի Քոնճեան նշանակեց 5-րդ եւ վերջին կոլը:

Այս յաղթանակով ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եկան յուշելու, որ բաւական լաւ ձեւով պատրաստուած են նոր տարեշրջանին եւ ի վիճակի են յառաջիկայ մրցումներուն ալ իրենց յաղթական ընթացքը շարունակելու պայքարի նոյն ոգիով:

Տեղի ունեցած մնացեալ մրցումներուն, արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Շեպիպեթ Մազրաա 3-1
Ահլի Սայտա – Ամալ Մաարաքէ 0-0
Շապապ Ղազիէ – Շապապ Արապի 1-0

Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ Անսար 5-2 արդիւնքով ծանր պարտութեամբ սկսաւ տարեշրջանը` Սալամ Զղարթայէն:

Իր կազմին կրած այս պարտութենէն ետք, Անսարի մարզիչ Ժամալ Թահա եւ անոր օգնականները, անմիջապէս ներկայացուցին իրենց հրաժարականները:

Լուսանկարները Տրամադրեց
ԹԱԼԱԼ ՍԸԼՄԱՆ

Նախորդը

Սէյրան Օհանեան Ողիմպիական Խաղերու Հայ Մետալակիրները Պարգեւատրեց Նախարարութեան Մետալներով

Յաջորդը

Հազարապետ-Զօրավար Պասպուսի Թիկնապահներու Պատասխանատուն Դաշունահարումի Ենթարկուեցաւ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.