Մարզական

Նասսար. «Քաղաքականութիւնը Պէտք Է Հեռացնել Մարզաշխարհէն. Ախոյեանութեան Ազդանշանը Պիտի Տրուի 8 Նոյեմբերին»

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի պասքեթպոլի մարզը յուզող հարցերուն եւ նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններու մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ իր կարծիքը յայտնեց կարգ մը այլ հարցերու մասին: Նասսար նախ նշեց, որ նոր ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չ՛առաջադրէ իր անձնական գործերուն եւ ընտանեկան հարցերու պատճառով: Ան շեշտեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, պէտք է քաղաքականութիւնը...

Արթուր Դաւթեան Եւ Վահագն Դաւթեան` Միջազգային Մրցաշարքի Ախոյեաններ

Sport.News.am կայքը կը հաղորդէ, որ հայ մարմնամարզիկները Նովոսիպիրսքի մէջ տեղի ունեցած` ողիմպիական ախոյեան Եւգենի Փոտկոռնուի անուան 11-րդ միջազգային մրցաշարքին տիրացած են վեց մետալի: Նժոյգի մրցումներուն Արթուր Դաւթեան տիրացաւ ոսկի մետալին, ապա դարձաւ արծաթէ մետալակիր բազմամարտի, պտտաձողի եւ օղակներու վրայ մրցումներուն: Զոյգ փայտի մրցումներուն ան տիրացաւ նաեւ պրոնզէ մետալին: Իսկ օղակներու մրցումներուն, Վահագն Դաւթեան արժանացաւ ոսկի մետալին: Նշենք, որ մրցաշարքին մասնակցեցան...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ –  Ռէալ Մատրիտ Հետաքրքրական Ճակատումը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Ռէալ Մատրիտ Հետաքրքրական Ճակատումը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան ութական ճակատումներ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Ա. հանգրուանի ճակատումները սկսան երկու շաբաթ առաջ: Այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Պորուսիա Տորթմունտ Գերմանիոյ մէջ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն այս կարեւոր մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակեց անգլիացի Մարք Քլաթենպուրկը: Նշենք, որ Քլաթենպուրկ նախապէս եօթը...

Գոռ Աղբալեան Իր Նորամուտը Նշեց Հոլանտայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հերաքլես 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կրոնինկընի հետ: Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի ֆութպոլիստ Գոռ Աղբալեան, իր նորամուտը նշեց Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, երբ Հերաքլեսի կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ 86-րդ վայրկեանին: Ան մինչեւ այս մրցումը մաս կը կազմէր Հերաքլեսի երիտասարդական խումբին: 19 տարեկան Աղբալեան այս տարեշրջանին նախօրեակին Հիրենվինէն տեղափոխուեցաւ Հերաքլես:

Թենիս.  Տղոց Եւ Աղջկանց Նոր Դասաւորումը

Թենիս. Տղոց Եւ Աղջկանց Նոր Դասաւորումը

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց այս շաբթուան միջազգային նոր դասաւորումը: Ստորեւ` նոր դասաւորումը (փակագիծերուն մէջ` մարզիկներուն գրաւած նախկին դիրքերը). ՏՂԱՔ  ԿԷՏ 1.- (1) Նովաք Ճոքովիչ (Սերպիա) 14.040 2.- (2) Էնտի Միւրէյ (Անգլիա) 9345 3.- (3) Սթանիսլաւ Վաւրինքա (Զուիցերիա) 6365 4.- (4) Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա) 4940 5.- (5) Քէյ Նիշիքորի (Ճափոն) 4875 6.- (6) Միլոշ Ռաոնիչ (Քանատա) 4510...

Հայկ Գալստեան Կոլ Նշանակեց Պոխումի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականներու միջնապահ Հայկ Գալստեան, որ նախապէս վիրաւոր էր, նախորդ շաբաթավերջին, իր առաջին մրցումը կատարեց գերմանական Պոխումի 19 տարեկանէն վար կազմին հետ: Գալստեան, որ 18 տարեկան է, Օպերհաուզընի դէմ տեղի ունեցած մրցումին դաշտ ներկայացաւ 70-րդ վայրկեանին: Ան դաշտ ներկայանալէ 16 վայրկեան ետք նշանակեց մրցումին վերջին կոլը, եւ անոր կազմը տարաւ վերջնական յաղթանակը` 5-1 արդիւնքով:

Պալոթելլի Հրաւիրուեցաւ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

«Սքայ Սփորթց» կը հաղորդէ, որ Նիսի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի հրաւիրուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ: Նշենք, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը վերջին 2 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով կը հրաւիրուի ազգային խումբ: 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Իտալիա յաջորդաբար պիտի մրցի Սպանիոյ (6 հոկտեմբեր) եւ Մակեդոնիոյ (9 հոկտեմբեր) դէմ:  

Թենիս. Վոզնիաքի Տիտղոսակիր` Թոքիոյի Մէջ

Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի աղջկանց թենիսի միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ դանիացի Քարոլին Վոզնիաքիի յաղթանակով, որ աւարտականին 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց Նաոմի Օսաքային (Ճափոն): Նախապէս աշխարհի աղջկանց դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Վոզնիաքի, որ այժմ դասուած է 22-րդ, իր այս յաղթանակը արձանագրեց 1 ժամ 48 վայրկեանի ընթացքին:

Համպուրկ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը Եւ Նշանակեց Նորը

Մարքուս Կիստոլ «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Համպուրկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Պրունօ Լապատիան, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Նախորդ շաբաթավերջին Համպուրկ այլ պարտութիւն մըն ալ կրելով, այժմ 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք առաւելագոյն 15 կէտէն ապահոված է միայն մէկ կէտ: Անոր պաշտօնազրկումէն ետք Համպուրկ յայտարարեց, որ Մարքուս Կիստոլ (47 նշանակուեցաւ անոր յաջորդը: Ան մինչեւ 30 յունիս 2017 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ:

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Վիթալի Մութքօ Վերընտրուեցաւ Նախագահ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները: Վիթալի Մութքօ վերընտրուեցաւ նախագահ` ապահովելով քուէարկողներուն 166-ին ձայները (65,2 տոկոս): Անոր մրցակիցը` Վալերի Կազայեւ ստացաւ 142 ձայն: 1958-ին ծնած Մութքօ ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը կը վարէ 2015-էն ի վեր:

ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը` 2-0 Արդիւնքով Յաղթելով Ահլի Սայտային

ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը` 2-0 Արդիւնքով Յաղթելով Ահլի Սայտային

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ տարեշրջանի իր բացման մրցումին 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Սաժեսը երէկ` կիրակի, 25 սեպտեմբերին կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ներկայութեամբ` մեծ թիւով համակիրներու, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերեցին իրենց կազմը, մրցումին սկիզբէն մինչեւ անոր աւարտը: Հակառակ անոր...

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ընտրութիւններ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Վաչէ Ծատուրեան Վերընտրուեցաւ Նախագահ

Նախորդ շաբաթավերջին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Նաժի Համմուտի: Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատեր կարդաց այն եօթը անձերուն անունները, որոնք առաջադրած էին իրենց թեկնածութիւնը` նկատի ունենալով, որ ութերորդ թեկնածուն` Թանիոս Զըղէյպ, ընտրութիւններէն առաջ յետս կոչեց իր առաջադրած թեկնածութիւնը: Այսպիսով, այդ եօթը անձերը մրցակից ցանկի չգոյութեան պատճառով ընտրուեցան նոր...

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ` Գերբաժակակիր

Շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Յակոբ Տօնոյեանի անուան Հայաստանի գերբաժակի մրցաշարքի հանդիպումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտն ու բաժակակիր Բանանցը: Ալաշկերտ առաջին անգամ ըլլալով այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացաւ, երբ փենալթիներով (3-2) յաղթեց Բանանցին: Նշենք, որ Բանանց 5-րդ անգամն ըլլալով կը պարտուէր աւարտական մրցումին: Մրցումին հաշիւը 44-րդ վայրկեանին բացաւ Բանանց` շնորհիւ Լայերսիոնի...

Պասքեթպոլ. Կառնեթ Լքեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մեծագոյն աստղերէն Քեւին Կառնեթ հրաժեշտ տուաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին: Մինեսոթա Վուլվզի հետ երկար տարիներ ելոյթ ունեցած Կառնեթ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր կատարած մրցումներուն ընթացքին քաջալերեցին զինք:

Ֆութսալ.  Պէյրութի Դրամատունը Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութեամբ Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ Լուէյզի Զուք Մոսպեհի դէմ, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մարզադաշտին վրայ: Թէեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ինք բացաւ մրցումին հաշիւը եւ Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 1-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին մրցակից կազմը` սաստկացնելով իր յարձակումները եւ իրերայաջորդ կոլեր նշանակելով, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 8-1 արդիւնքով: Կ՛ակնկալուի, որ...

Եւրոպական Ֆութպոլ

Եւրոպական Ֆութպոլ

Շաբաթավերջի Մրցումներուն. - Մանչեսթըր Սիթիի Յառաջխաղացքը Կը Շարունակուի - Արսենալ Յաղթեց Չելսիին` Լոնտոնեան Տերպիին - Պարսելոնա Յաղթեց, Ռէալ Մատրիտ Չկրցաւ Յաղթել Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրուեցան կարգ մը հետաքրքրական արդիւնքներ: Անգլիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 6-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթեց Սուանզի Սիթիին: Մանչեսթըր Եունայթըտ...

Ֆութսալ. Այսօր` Լուէյզի Զուք Մոսպեհ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ Սեն Ժոզեֆի դաշտին վրայ կը մրցի Լուէյզի Զուք Մոսպեհի դէմ: Նախորդ տարեշրջանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ միայն կէտի մը տարբերութեամբ չկրցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ: Սակայն այս տարեշրջանին խումբը լաւապէս պատրաստուած է ախոյեանութեան եւ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ահլի Սայտա

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ահլի Սայտա

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 2 ճակատումներ: Իսլահ Պըրժ Շիմալի, որ Ահտի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Մապարրայի, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իսկ երկրորդ մրցումին Ռիատա Ուալ Ատապ, որ Թրիփոլիի մէջ հիւրընկալեց Ահլի Նապաթիէն, 2-1 արդիւնքով տեղի տուաւ անոր դիմաց: Մրցումները կը շարունակուին այսօր եւ վաղը` երկուքական ճակատումներով: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Այսօր` Լոնտոն Մայրաքաղաքի Տերպին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Լոնտոն Մայրաքաղաքի Տերպին

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, բնականաբար պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ, որոնք պիտի գրաւեն լուսարձակները: Անգլիոյ 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ուշագրաւ պիտի ըլլայ Լոնտոն մայրաքաղաքի տերպին, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Արսենալ եւ Չելսի: Այլ կարեւոր մրցումի մը ընթացքին, Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Լայսթըր Սիթին: Սպանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ տեղի ունենալիք մնացեալ...

Ճատրակ. Հայաստանի 9 Մասնակցողներէն 7-ն` Յաղթական

Խանթի Մանսիյսքի մէջ սկսաւ աշխարհի ճատրակի 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 57 երկիրներէ 226 տղաք եւ 184 աղջիկներ, կը յայտնէ Armchess.am կայքը: Հայաստանը ներկայացնող 9 ճատրակ խաղացողներէն 7-ն Ա. հանգրուանին իրենց կատարած ճակատումներուն յաղթանակներ արձանագրեցին: 14 տարեկանէն վար, Քրիստինէ Պետրոսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց, Արթուր Դաւթեան յաղթեց, մինչ Շանթ Սարգսեան պարտուեցաւ:...

Page 1062 of 1276 1 … 1,061 1,062 1,063 … 1,276

Արխիւներ