
Խանթի Մանսիյսքի մէջ սկսաւ աշխարհի ճատրակի 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 57 երկիրներէ 226 տղաք եւ 184 աղջիկներ, կը յայտնէ Armchess.am կայքը:
Հայաստանը ներկայացնող 9 ճատրակ խաղացողներէն 7-ն Ա. հանգրուանին իրենց կատարած ճակատումներուն յաղթանակներ արձանագրեցին:
14 տարեկանէն վար, Քրիստինէ Պետրոսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց, Արթուր Դաւթեան յաղթեց, մինչ Շանթ Սարգսեան պարտուեցաւ:
16 տարեկանէն վար, Արփինէ Գրիգորեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Դաւիթ Միրզոյեան յաղթանակներ արձանագրեցին:
Իսկ 18 տարեկանէն վար, յաղթանակներ արձանագրեցին Մանուէլ Պետրոսեան, Արամ Յակոբեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան:


