Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը` 2-0 Արդիւնքով Յաղթելով Ահլի Սայտային

September 26, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hmem-team_92516

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները:

fans_92516

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ տարեշրջանի իր բացման մրցումին 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Սաժեսը երէկ` կիրակի, 25 սեպտեմբերին կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ներկայութեամբ` մեծ թիւով համակիրներու, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերեցին իրենց կազմը, մրցումին սկիզբէն մինչեւ անոր աւարտը:

Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կատարեցին լուրջ եւ վտանգաւոր յարձակումներ, առանց սակայն կոլ կարենալ նշանակելու` նկատի ունենալով, որ հարաւային կազմը կը կիրարկէր լաւ պաշտպանողական խաղաոճ մը:

Ա. կիսախաղէն աւելի Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ աւելի սաստկացուց իր յարձակումները` շատ յաճախ կորսնցնելով կոլի լաւ առիթներ:

Սակայն ի վերջոյ ՀՄԸՄ յաջողեցաւ ցնցել իր մրցակիցին բերդին ուռկանը, երբ Յակոբ Տօնապետեանի մէկ փոխանցումէն ետք Դաւիթ Ղանտիլեան, գլուխով նշանակեց մրցումին եւ ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը (87-րդ):

Մրցումին աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ, ՀՄԸՄ նշանակեց իր երկրորդ կոլը` շնորհիւ Յակոբ Տօնապետեանի, երբ փոխանցում մը ստացաւ Քրիսթիան Թիմունեանէն:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ՀՄԸՄ, որ այժմ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, միակ խումբն ըլլալով ցարդ կոլ չէ ստացած իր բերդին մէջ:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի նման իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեցին նաեւ Իսլահ Պըրժ Շիմալի եւ Շապապ Ղազիէ:

Իսկ երեք խումբեր` Շեպիպեթ Մազրաա, Ռիատա Ուալ Ատապ եւ Սաժես, կրեցին իրենց երրորդ յաջորդական պարտութիւնը:

Երէկուան այս մրցումին, ՀՄԸՄ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով` Յարութ Սարգիս, Ալի Ռիֆահի, Գէորգ Քումաշեան, Ալեք Ալճեան (73-րդ` Գօգօ Աւետիսեան), Յակոբ Նաճարեան, Մամաս Քէհէեան, Ճոնի Քոնճեան, Էտկար Կիրակոսեան (Սերժ Չաքըրեան, 70-րդ), Սագօ Ազնաւուրեան (Յակոբ Տօնապետեան, 62-րդ), Քրիսթիան Թիմունեան եւ Դաւիթ Ղանտիլեան:

Նախորդը

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ընտրութիւններ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Վաչէ Ծատուրեան Վերընտրուեցաւ Նախագահ

Յաջորդը

Մենաշնորհներ, «խոշոր խաղացողներ» եւ տնտեսական արդար քաղաքականութեան հրամայականը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.